Home  |  << Go Back  |     |   Sign up

Մուշեղ Իշխան: Գարնան անձրեւին

Play:  


Added: Saturday, August 30, 2008 
Source: ARMENIAN POETRY PROJECT

Summary:
Click here for the audio clip Under the Spring Rain read by Lola Koundakjian.

Ապրիլիան զոհերու յիշատակին

Տեղա՛, անձրեւ, օրհնութեան պէս աւետաձայն,
Արտ ու արօտ կանանչ յոյսով լեցուր անվերջ.-
Քու կենսախայտ համբոյրիդ տակ կը սարսըռան
Ոսկի սերմեր հողին յղի կողերուն մէջ։

Յիշէ՜, անձրեւ, ամբողջ երկիր մ՛ալ աւերակ,
Ուր մա՛հ է արդ, մոխիր ու մուխ ու լռութիւն…
Արիւնաբոյր շէնքերուն մէջ պահ մը հիմակ
Օրօրէ սուգն իր սարերու ոգիներուն…

Իջի՛ր, անձրե՛ւ, վարդաջուրի պէս հոտեւան.
Թող ծաղիկներ բաժակն իրենց քեզ երկարեն,
Ամպերէն վար հոսի ժպիտ ու ծիածան
Եւ թող պայթին գինով ճիչեր թաւուտներէն։

Գիտե՜ս, անձրեւ, Ապրիլի հարս ծառերուն պէս
Ի՜նչ հասակներ տապալեցին գիշեր մ՛անհուն…
Ա՜հ, պուտ մը ջուր հասցուր անոնց, այդ լեռնադէզ
Անապատի տապէն պապա՜կ ոսկորներուն…

Հոսէ՛, անձրեւ, սիրերգի պէս հարսանեկան.
Սրտերն ահա կ՛ընդխառնուին լարերուդ հետ
Եւ բերկրութեամբ եւ հեշտանքով կը լիանան
Ճերմակ տուներ՝ տարափիդ տակ խաղաղաւէտ։

Հիմա, անձրե՛ւ, ծեր պանդուխտներ կան ամէն տեղ,
Որ յուշերու ցուրտ կրակին դէմ կը մսի՜ն…
Անոնց խարխուլ հիւղակներուն վրայ թիթեղ՝
Թափէ երազն իրենց հօտի ոտնաձայն…

Եկո՜ւր, անձրե՜ւ, աղօթքի պէս թաղմանական.
Ես կ՛ուզեմ լալ մանուկի տաք աչուըներով
Այնքա՜ն ուրախ տօնին համար սա յո՛րդ գարնան
Եւ կեանքերուն՝ որ ինկան մերկ եւ անգորով…



Մուշեղ Իշխան
 

ADD TO DEL.ICIO.US ADD TO DIGG ADD TO FURL ADD TO NEWSVINE ADD TO NETSCAPE ADD TO REDDIT ADD TO STUMBLEUPON
ADD TO TECHNORATI FAVORITES ADD TO SQUIDOO ADD TO WINDOWS LIVE ADD TO YAHOO MYWEB ADD TO ASK ADD TO GOOGLE

Download Now    Add Comment  View Comments (0)

Go Back

©2008 Pattern Media